Orhnyal Yerashkheek/Blessed Assurance / Օրհնեալ Երաշխիք/
Authors: Fanny Crosby and Mrs. J.F. Knapp | Translation: H. Kayaian
Օրհնեալ երաշխիք, իմս է Յիսուս
Ո՜հ այդ խորհուրդը ինչ քաղցր է հոգւոյս,
Փրկութեան ժառանգ Տէրոջն եմ ես ,
Իր արիւնով սրբուած մեղքերէս:
Կրկներգ.
Պիտի պատմեմ մինչ շունչս վերջին,
Ու երգեմ սէրն անհուն իմ Փրկչին,
Պիտի պատմեմ մինչ շունչս վերջին,
Ու երգեմ սէրն անհուն իմ Փրկչին:
Իրն եմ ես, Ան իմ Տէր եւ Արքայ,
Կը զգամ Իր փառքը անձիս մէջ ներկայ,
Սուրբ հրեշտակներ գալով երկինքէն,
Շնորհած սիրոյ երգ կը մրմնջեն:
Ալ զիս յանձնած եմ Անոր բազկաց,
Յոյժ երջանիկ եմ անվախ անկասկած,
Իր բարութեամբ է լեցուն հոգիս,
Միակ Իր սէրը նիւթ է երգիս: